|
ՊԱՏԳԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ, 12-14 ՄԱՅԻՍ, 2011
Գերաշնորհ, հոգեշնորհ եւ
արժանապատիւ հոգեւոր
եղբայրներ,
Սիրելի հիւրեր եւ
ժողովականներ, Քրիստոնէական եւ հայրական
սիրով կ՚ողջունեմ
ձեզ բոլորդ,
Ամերիկայի Արեւելեան
Թեմի Երեսփոխանական Ժողովին առիթով։ Սրտանց
կը մաղթեմ
որ մեր
ժողովական նիստերը
ընթանան հեզասահ,
արդիւնալից եւ
օգտաշատ՝ մեր
մտածումները կեդրոնացնելով մեր եկեղեցւոյ եւ
ժողովուրդին յառաջդիմութեան, հոգեւոր եւ ազգային
կեանքի կենսունակութեան եւ մեր գործունէութեան նպատակասլաց ճիգերուն վրայ։ Ամէն բանէ առաջ
որդիական երախտագիտութեամբ կը հաստատեմ այն
հայրական հոգածութիւնը,
որ Նորին
Սուրբ Օծութիւն
Տ.Տ.
Արամ Ա.
Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Վեհափառ
Հայրապետը ցուցաբերեց
մեր Թեմին
նկատմամբ ամբողջ
տարուան ընթացքին։
Վեհափառ Հօր
մտածումները, ցուցմունքներն ու խորհուրդները նպաստեցին
մեր արդիւնաւոր
գործունէութեան։ Կ՚ակնկալենք
որ յառաջիկայ
տարի Վեհափառ
Հայրապետին մեր
Թեմին տալիք
շնորհաբաշխ այցելութիւնը
առիթ պիտի
ըլլայ աւելի
կենսաւորելու մեր
եկեղեցական-ազգային
կեանքը եւ
մղելու մեզ
առաւել եւս
նուիրուածութեամբ կատարելու
մեզի վստահուած
պաշտօններն ու
առաքելութիւնը։ Եղբայրական ողջոյնի խօսք
ունիմ Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի
Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ
Տ. Մուշեղ
Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին եւ Քանատայի Թեմի
Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ
Տ. Խաժակ
Արքեպիսկոպոս Յակոբեանին,
որոնց հետ
մեր յարաբերութիւնները եղան շատ մտերիմ
ու եղբայրական։
Սրտանց իրենց
կը մաղթենք
յաջողութիւն, աստուածահաճոյ իրենց առաքելութիւնը արդիւնաւորութեամբ առաջ տանելու համար՝
մեր եկեղեցւոյ
եւ ժողովուրդին
բարւոքութեան եւ
վերելքին համար։ Եղբայրական ողջոյններ Էջմիածնական
Թեմի Առաջնորդ՝
Բարձրաշնորհ Տ.
Խաժակ Արքեպիսկոպոս
Պարսամեանին, որուն
հետ մեր
յարաբերութիւնները եղան
հեզասահ եւ
ջանացինք եղբայրական
մթնոլորտի մէջ
նպաստել Հայ
Եկեղեցւոյ ներքին
կեանքի ամրացման՝
կեդրոնանալով Հայ
Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան վրայ։ Յանուն Ազգային Վարչութեան
Կրօնական եւ
Վարչական Ժողովներուն,
մեր Թեմի
բոլոր համայնքներուն եւ հաւատացեալներուն յատուկ
ողջոյնի խօսք
ունիմ Ֆիլատելֆիայի
Ս. Գրիգոր
Լուսաւորչի Եկեղեցւոյ
Հոգեւոր Հովիւին՝
Արժանապատիւ Տ.
Ներսէս Աւագ
Քահանայ Մանուկեանին,
Հոգաբարձութեան եւ
յարակից մարմիններուն,
որոնք կը
հիւրընկալեն մեզ
եւ մեր
կեցութիւնը կը
դարձնեն հանգիստ
ու հաճելի։ Այս պահուն կարելի
չէ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ չանդրադառնալ
այն ծրագրին,
որ Ֆիլատելֆիայի
մեր համայնքը
իրագործեց՝ նոր
սրահի եւ
կիրակնօրեայ եւ
շաբաթօրեայ վարժարաններու դասարանի կառուցումով։ Կը
շնորհաւորենք Հոգեւոր
Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը եւ Շինարարական Յանձնախումբը,
որոնք տեսիլքով,
եռանդով ու
հաւատքով իրագործեցին
այս մեծ
ծրագիրը։ Միեւնոյն
ատեն կը
մաղթենք նորանոր
յաջողութիւններ՝ համայնքին
պայծառացման եւ
յառաջդիմութեան ի խնդիր։ Նոյն այս ծիրին
մէջ, ուրախութիւն
է հաստատել,
որ մեր
Թեմի կարգ
մը եկեղեցիները,
իրենց հոգեւոր
հովիւներով, հոգաբարձութիւններով, շինարարական յանձնախումբերով կրցան
յաջողութեամբ պսակել
իրենց եկեղեցիներուն կամ յարակից մասերու
բարեզարդումը։ Այսպէս,
Նիւ Եորքի
Սուրբ Լուսաւորիչ
Մայր Եկեղեցին
հիմնապէս վերանորոգուեցաւ, պայծառացաւ, ինչ որ
մղեց եւ
աշխուժութեամբ մասնակից
դարձուց համայնքի
մեր զաւակները
եկեղեցական-ազգային
կեանքին։ Շնորհաւորութիւններ Շիքակոյի Ամենայն
Սրբոց Եկեղեցւոյ
մեր համայնքին,
որ կրցաւ
կատարել գնումը
հարեւան երեք
բնակարաններուն, եւ
արդէն իսկ
խորհրդակցութիւնները առաջ
կ՚ընթանան կառուցանելու
նոր բաժիններ,
յատկապէս ուղղուած
երիտասարդ մեր
սերունդին գործունէութիւններուն։ Նոյնպէս, կը շնորհաւորեմ
Նորթ Անտովըրի
Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ
մեր համայնքը,
որ աստիճանաբար
կը բարեզարդէ
եկեղեցին եւ
յարակից մասերը։
Արդէն իսկ
հիմնապէս բարեփոխուեցաւ սրահը եւ այժմ
ընթացքի մէջ
են մուտքի,
եկեղեցւոյ ներքնամասի
եւ դասարաններու
նորոգութիւնները։ Շնորհաւորութիւններ Ուայթընսվիլի Սուրբ Աստուածածին
Եկեղեցւոյ համայնքին,
որ շէնքին
կողքին յաւելումով
մը ստեղծեց
գրասենեակային եւ
վերելակային յարմարութիւններ։ Շնորհաւորութիւններ նոյնպէս Ուստըրի
Սուրբ Երրորդութիւն
համայնքին, որ
բարեզարդեց եկեղեցւոյ
մուտքը, ստեղծելով
յարմարութիւն՝ անկարող
անձերու համար
եկեղեցի մուտքի։
Կը պատրաստուին
նաեւ նոր
ծրագիրներու իրականացման։ Վերոյիշեալ այս բոլոր
իրագործումները ուրախութիւն
եւ քաջալերանք
կը ներշնչեն
մեզի, քանի
անոնք շօշափելի
վկայութիւններն են
մեր ղեկավարութեան դրական գործունէութեան, աշխուժութեան
եւ դիմանալուն
ու զարգանալուն՝
ապագայի հեռանկարներով։ ***
Սիրելի Ժողովականներ,
Հաւաքուած ենք որպէս
կամաւոր ծառայողներ
մեր դարաւոր
Սուրբ Եկեղեցիին։
Աստուածաստեղծ հաստատութիւն
մը, որ
քրիստոնէական հաւատքի
եւ ուսուցումներու ամրոց մը ըլլալով
հանդերձ, մեր
ազգի իրականութեան
մէջ եղաւ
ողնասիւնը մեր
գոյութեան։ Ճիշդ
է որ
քրիստոնէական կրօնքին
հաւատքի քարոզութիւնը
Հայ Եկեղեցիին
առաջին առաքելութիւնն է, որպէս անբաժանելի
մասը ընդհանրական
եկեղեցիին, այսուհանդերձ
այդ քարոզութիւնը
հիմնապէս ուղղուած
է հայ
ժողովուրդի զաւակներուն,
տարբեր բան
որ Հայ
Եկեղեցին ի՛նք
իր կար-գին, հետագային,
աւետարանչական քարոզութիւն
կատարեց օտար
ժողովուրդներու մէջ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչով
եւ Տրդատ
թագաւորով պետական
կրօնք դարձած
քրիստոնէութիւնը եւ
հաստատուած եկեղեցին,
եղաւ աղբիւրը
հայ ժողովուրդի
նկարագրի կազմաւորման,
լեզուի եւ
մշակոյթի ստեղծման
եւ ամէն
տեսակի արուեստներու
զարգացման։ Կարելի
չէ Հայ
ժողովուրդի ստեղծագործական մտքի պատմութեան մասին
խօսիլ, առանց
հոն տեսնելու
տիրական ներկայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ։ Գիրն
ու գրականութիւնը, աստուածաբանութիւնը, արուեստները՝ մանրանկարչութիւն, ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, եղան
սուրին չափ
եւ աւելի
զօրաւոր պայքարի
զէնքեր, որոնք
դիմացան ժամանակի
մաշումին եւ
մահուան դիմաց,
որոնք ոչ
միայն ապրեցան,
այլ նաեւ
ապրեցուցին մեզ
մինչեւ այսօր։
Հայ Եկեղեցին
ինքզինք արժեցուց
միմիայն ծառայութեամբ,
մեր ժողովուրդի
զաւակներուն հոգիի
արիութիւնը կերտելով։
Հայ Եկեղեցին
միայն արարողութիւն
եւ պատարագ
չեղաւ, միայն
ծէս եւ
խորհրդակատարութիւն չմատակարարեց
իր զաւակներուն,
այլ եղաւ
Լուսաւորչի անմար
Կանթեղ, յոյս՝
երկմտողին, լոյս՝
խաւարածին, մայր՝
անտէրին ու
թափառականին։ Ահա
թէ ինչու
ամէն ճշմարիտ
հայ, իր
եկեղեցւոյ հանդէպ
ունի կատարեալ
վստահութիւն, հոն
կը տեսնէ
ազգային մեր
կեանքի պայքարն
ու յաղթանակը։
Որքա՜ն իրական
է այս
հաստատումը Ամերիկեան
ցամաքամասին վրայ
հաստատուած Հայ
Եկեղեցիին համար,
որ մինչեւ
այսօր կը
մնայ եւ
երկար ատեն
հաւատացեալին համար
պիտի մնայ
հարազատ իր
տունը եւ
տոկալու եւ
դիմանալու իր
ամրոցը։ ***
Հայ Եկեղեցին իր
հաստատման առաջին
իսկ օրէն
ունեցաւ իր
կանոնները, պաշտպանելու
եւ պահպանելու
համար իր
հարազատութիւնը եւ
ճշմարիտ հաւատքը
օտարամուտ մտածումներէն
եւ ազդեցութիւններէն։ Կանոններու հիմը բնականաբար
Աստուածաշունչն է,
որուն աստուածային
պատուիրանները մեր
ժողովուրդը մարմնաւորեց
իր ամբողջ
կեանքի ընթացքին,
Քրիստոսի Աւետարանը
միախառնելով իր
նկարագրին, մտածումին,
կեանքին։ Հետագային
այլ կանոններ
մշակուեցան, միշտ
նկատի ունենալով
հայ եկեղեցւոյ
ուղիղ դաւանութիւնը
եւ գործնական
կեանքի մէջ
քրիստոնէավայել ընթացքը։
Եւ շատ բնական
էր որ
մարդկութեան եւ
քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան մէջ հետզհետէ ստեղծուէին
կազմակերպումի նոր
ձեւեր ու
մօտեցումներ, ինչ
որ ծնունդ
տուին Պոլոժէնիային՝ Արեւելեան Հայաստանին համար
1836-ին եւ Ազգային
Սահմանադրութեան՝ Արեւմտահայաստանի համար, 1866-ին։ Սահմանադրութիւն եւ Կանոնագրութիւն մշակուեցան
մեր եկեղեցւոյ
ժողովրդավար հասկացողութիւնները հիմնաւորելու համար։ Օրէնքներ
հաստատուեցան մեր
եկեղեցւոյ կեանքը
նկատելով ժողովուրդի
կեանքը։ Բոլոր
մասնակիցները եկեղեցական-ազգային կեանքին
յարգեցին եկեղեցական
կանոնները եւ
հաւատարիմ մնացին
անոնց։ Եկեղեցւոյ
եւ համայնքի
կեանքին մէջ
դերակատարութիւն ունենալը
ուրիշ բան
չէ եթէ
ոչ նուիրագործումը այն ծառայական ոգիին,
որ մասնակիցներուն հոգիին մէջ կը
տիրէ։ Ծառայել
կը նշանակէ
տիրութիւն ընել,
հոգալ, մտահոգուիլ,
գուրգուրալ այն
սրբազան հասկացողութեանց, որ Աւետարանն ու
եկեղեցին իրենց
մէջ կը
պարփակեն։ Հիմնուած կանոնագրութեան ժողովրդավար
սկզբունքներուն վրայ,
մեր ազգի
ղեկավարները ապագայի
տեսիլքով կազմակերպեցին մեր համայնքները։ Ազգային
մեր հասկացողութեան հարազատ պատկերով, եկեղեցին
իր շուրջ
համախմբեց մեր
բոլոր կազմակերպութիւնները եւ դարձանք մէկ
ընտանիք, ուր
եկեղեցական, քաղաքական,
մշակութային, կրթական,
բարեսիրական, մարմնակրթական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները
իրարու հետ
համախոհ ապրեցան
ու գործեցին,
միշտ օգնելով
իրարու։ Այս
հակացողութիւնն էր
որ մղեց
զիս նշանաբան
ընտրելու ֧իրարու
հետ, իրարու
համար֦ կարգախօսը։ Եւ քալեցինք ու
գործեցինք հաւատարմութեամբ։ Քալեցինք եւ ծառայեցինք
մեր կազմակերպութիւններուն՝ նուիրուածութեամբ եւ զոհողութեամբ։ Այլապէս
ի՞նչպէս բացատրել
մեր գաղութներու
աճումն ու
զարգացումը։ Հաւատարմութիւնը մեր սկզբունքներուն եւ
զոհողութիւնը մեր
առաքելութեան նկատմամբ
զօրացուցին մեր
կառոյցները, եւ
այսօր հպարտութեամբ
կրնանք հաստատել
յառաջդիմութիւնը մեր
համայնքներուն թէ՛
Արեւելեան մեր
Թեմէն ներս,
թէ՛ Արեւմտեան
Թեմէն ներս
եւ թէ՛
Քանատայի Թեմէն
ներս։ Այս հաստատումները պատմութիւն
գրելու համար
չեն։ Այս
հաստատումները մեզ
պէտք է մղեն մեր
նախորդներուն զոհողութեամբ
եւ հաւատարմութեամբ շարունակելու եւ առաւել
պայծառ դարձնելու
սկսուած գործը։
Երբ մտքիս
առջեւ կը
պատկերացնեմ հիմնադիր
մեր ղեկավարները,
արագ ակնարկով
մը կրնամ
հաստատել անոնց
մօտ ծառայութեան
այն յօժարակամ
ոգին, որ
խթան հանդիսացաւ
իրենց բոլոր
գործունէութեանց։ Առաքինութիւններու հաւաքածոյ մըն է անոնց տիպարը
֖ նուիրում, անսակարկ
ծառայութիւն, աւանդութեանց
եւ եկեղեցական
կանոններու հանդէպ
հաւատարմութիւն, մանաւանդ
յարգանք անոնց
նկատմամբ։ Ի վերջոյ, անոնք
գիտակից էին
որ փորձառութեան
եւ եկեղեցական
ու ազգային
աւանդութեան վրայ
հիմնուած եկեղեցին
պէտք էր
պահել ու
պահպանել իր
ժառանգած հարստութիւններով, ծէսով ու վարչաձեւով,
ղեկավարութեամբ եւ
ժողովրդավարութեամբ։ Հայ
Եկեղեցւոյ այս
գանձը դարէ
դար ժառանգուեցաւ
մեզի եւ
մեր պարտականութիւնն է պահել զայն
իր պարզութեան
ու մաքրութեան
մէջ, միշտ
յարգանք ցուցաբերելով
եկեղեցին ներքնապէս
կառավարող կանոններուն
նկատմամբ։ Այստեղ պիտի ուզէի
վերջացնել խօսքս,
եթէ ամէն
ինչ արտացոլացնէր
այն ինչ
որ ժառանգեցինք։ Ներկայիս օտարամուտ ազդեցութիւններ սկսած են պղտորել
մեր կեանքը։
Մեր շրջապատը
երբեմն իր
ժխտական երեսներով
ինքզինք կը
ցցէ մեր
տուներէն, հաստատութիւններէն եւ հաւաքական կեանքէն
ներս։ Եկեղեցի
եւ համայնք
հասկացողութիւնը կը
շփոթուի շուկայի
կեանքին հետ,
քորբորէյշընի հետ։ Անոնց
հետ կը
յարաբերինք շուկայական
հաշիւներով, զուտ
անձնական դատողութիւններով ու շահերով եւ
եկեղեցւոյ հոգեւոր
առաքելութիւնն ու
կանոնական հասկացողութիւնները շատ յաճախ մաս
չեն կազմեր
մեր մտահոգութիւններուն։ Եկեղեցին հարազատ տուն
է, վաճառատուն
չէ։ Հոն
ամփոփուած են
մեր հաւատքը,
յոյսը, տեսիլքը,
ծառայութիւնը։ Հոն
ամրագրուած է մեր յաւիտենականութիւնը՝ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ
եւ հայ
ազգի զաւակ։
Անիկա հոգի
է, հոգին
փրկող է,
հոգեկան արժէքները
բարձրօրէն արժեւորող
է եւ
այդ արժէքներով
սնուցանող է մեր հաւատացեալները։ Այլապէս կը դառնանք
նիւթին հետ
գործ ունեցող
հաւաքականութիւն, որ
նիւթին հետ
կը փտտի
եւ կը
կորսուի օր
մը։ Այս հաստատումները ունենալով
մեր մտքին
մէջ, թող
իւրաքանչիւրը հարց
տայ ինքնիրեն.-
“Ինչո՞ւ կը
ծառայեմ եկեղեցիին”։ Եթէ պարտադրանք է՝
ապարդիւն վատնում
է։ Եթէ
եկեղեցական եւ
ազգային գերագոյն
շահերէ անդին
այլ շահադիտութիւն է՝ այն ատեն
մեր ըրածը
չարաշահութիւն է։
Եթէ հոգեւոր
ու ազգային
դաստիարակութեան հետապնդում
է՝ այն
ատեն ճիշդ
տեղն ենք
եւ ճիշդ
պարտականութեան վրայ։
Քսան դարեր
Աստուծոյ սիրով
ու շնորհքով,
քսան դարեր
աստուածաշնչային եւ
ընտանեկան արժէքներով,
զոհողութեամբ ու
նուիրումով դիմացանք
ամէն տեսակի
երեւելի թէ
աներեւոյթ փորձութեանց
եւ չարիքի։
Այսօր նոյն
այդ առաքելութիւնը պահպանելու կոչուած ենք՝
Աստուծոյ փառքին
եւ մեր
ժողովուրդի յառաջդիմութեան եւ անմահութեան սրբազան
կոչումով։ Խօսքս կը փակեմ
Աստուածաշունչի վկայութեամբ։
“Մօտեցէք անո՛ր,
Քրիստոսի, որովհետեւ
ի՛նքն է այն կենդանի
վէմը, որ
թէպէտ մարդոցմէ
մերժուած, բայց
Աստուծմէ ընտրուած
պատուական վէմն
է։ Այսպիսով
դո՛ւք ալ,
որպէս կենդանի
քարեր, Քրիստոսի
վէմին վրայ
կը կառուցուիք՝
իբրեւ հոգեւոր
տաճար, իւրաքանչիւրդ
կը դառնաք
անարատ քահանաներ
եւ Յիսուս
Քրիստոսի միջոցաւ
հոգեւոր ընդունելի
պատարագ կը
մատուցանէք Աստուծոյ։
…Դուք ընտրուած
ցեղ մըն
էք, թագաւորելու
կոչուած քահանաներ,
սուրբ ազգ
մը, Աստուծոյ
սեփական ժողովուրդը,
եւ ձեր
պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը
անոր՝ որ
ձեզ խաւարէն
իր սքանչելի
լոյսին կանչեց”
(Ա. Պետրոս
2.4-5,9)։ Այո՛, մեզի տրուած
է շնորհք
եւ շնորհալի
կեանք ու
պարտականութիւն։ Արժեցնենք
զայն մեր
ծառայութեամբ, որպէսզի
մեր եկեղեցին
ու ազգը
տեսնենք աստուածընկալ
իր պատկերով
եւ աստուածահաճոյ իր քայլերով։ Յաջողութիւն բոլորիդ։
ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի
Արեւելեան Թեմին 12 Մայիս,
2011 Ֆիլատելֆիա
|